2016-01-21 10:05:00

Ս﹒ Երկիր – Աղօթքի միութեան շաբաթը` ''Աստուծոյ հրաշալի գործերը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ս﹒ Երկրի քրիստոնեաները 2016-ին կանչուած են ապրելու քրիստոնեաներու աղօթքի շաբաթը 23-31 Յունուար'' կը կարդանք Երուսաղէմի լատին պատրիարքութեան տօնացոյցին մէջ։ Այս տարուայ խորհրդածութեան նիւթը ներշնչուած է Պետրոս առաքեալի առաջին ընդհանրական թուղթէն`  ''դուք կանչուած էք հռչակելու Տիրոջ հրաշալի գործերը''։ Քրիստոնեաները կանչուած են ապրելու կնունքի խորհուրդը ու հռչակելու Աստուծոյ մեծ գործերը բազմազան եղանակներով։ Աստուծոյ շնորհքը կ՛ օգնէ մեզի ներողութիւն խնդրելու մեր գործած մեղքերուն համար ողորմութիւն ստանալու ու սրբութեան մէջ աճելու։

Մենք կանչուած ենք Յիսուսի աշակերտներու նման գիտակցելու Քրիստոսի ներկայութեան մեր մէջ ու ընդառաջելու Յիսուսի խնդրանքին, օգնութեան հասնելու աղքատին, կարօտեալին, թմրամոլին ու անտեսուածին։

Ս﹒ Երկրի աղօթքի շաբաթուան ընթացքին, աղօթքներ պիտի կատարուին ամէն օր` տարբեր դաւանանքի մը եկեղեցւոյ մէջ, առիթ ստեղծելով քրիստոնեաներուն իրարու հանդիպելու, իրարու ծանօթանալու ու միասին աղօթելու։

27 Յունուարին Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան մօր նախատեսուած միութենական արարողութիւն մինչ 28 Յունուարին նոյն արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ''Վերնատան'' մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.